2016-06-26 18:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Շնորհակալութիւն Հայ ազգին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 յունիսիս 2016-ին,  Երեւանի  Զուարթնոց օդակայանէն  դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկսո Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստան կատարած  այցելութեան համար, առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին''։

՝՝Ուրախ եմ Հայասատան այցելած ըլլալուս համար,Երկիրը որ որպէս առաջին ողջագուրեց քրիսոնէական հաւատքը, եւ շնորհակալեմ բոլորին հիւրընակալութեան  համար։ #PopeInArmenia'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Յայտնենք նաեւ թէ Հայաստանէն մեկնելէն անմիջապէս ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւէն հեռագիր յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որուն մէջ  նախագահին յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝   ինչպէս նաեւ Հայ ժողուվուրդին , Հայաստան կեցութեան ժամանակ իրեն վաերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Սրբազան Հայրը հեռագիրը աւարտին հայցեց Աստուածային զեղուն օրհնութիւններ հայ Ժողովրուդին վրայ , ապահեցնելով դարձեալ իր աղօթքը Հայաստանի խաղաղութեան ու բարօրութեան ի սպաս։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.